RADIO ARMÉNIENNE INDÉPENDANTE · BRUXELLES · MUSIQUE & CULTURE
● EN DIRECT DE BRUXELLES
Belgahay Radio
Chargement du titre en cours…
← Back to our people
Նունէ Գարա Խանեան
Our people · Belgahay Radio

Նունէ Գարա Խանեան

Հոգեցույց

Կլինիքական հոգեբան – «Հոգեցոյց / Hogezuyz» հաղորդման վարող

Մասնագիտութեամբ մանկաբոյժ, կլինիքական հոգեբան, հիփնոթերափեւտ եւ կարճատեւ բուժական մօտեցումներու մասնագէտ Նունէ Գարա Խանեան 1999-էն ի վեր կը գործէ Պելճիքայի մէջ։

Ան կ՚աշխատի մասնաւորաբար Նամիւրի նահանգի Clinique de l’Exil հաստատութեան մէջ՝ աջակցելով տեղահանութեան, հոգեկան ցնցումներու, պատերազմի, կորուստի եւ ինքնութեան փոփոխութիւններու առջեւ կանգնած մարդոց։ Անոր մօտեցումը անձը կը դիտէ ամբողջութեան մէջ՝ նկատի առնելով անոր պատմութիւնը, մշակոյթը, միջավայրը եւ ներքին ուժերը։

Իր ասպարէզին ընթացքին Նունէ աշխատած է նաեւ սեփական խորհրդատուական գրասենեակին մէջ, մասնագէտներ պատրաստած է կարճատեւ թերափիայի եւ հիփնոսի մեթոտներուն շուրջ եւ մշակած է իր սեփական HSOS – Լուծման ուղղուած ռազմավարական հիփնոս մօտեցումը։ Նպաստած է հոգեկան առողջութեան, ցնցումներու, աքսորի, միջմշակութային հարցերու եւ գաղթի ուղիներու մասին ուսումնասիրութիւններու ու հրատարակութիւններու։

Հայաստանի հանդէպ խոր կապուածութիւն ունենալով՝ կամաւորաբար իր փորձառութիւնը կը փոխանցէ հայրենիքի հոգեկան առողջութեան մասնագէտներուն, մասնաւորաբար առաջին գիծի հոգեբաններուն համար կազմակերպուած վերապատրաստութիւններով։ Ան նաեւ գործած է Պելճիքայի Հայ Բժշկական Միութեան մէջ՝ ժամանակ մը համանախագահելով զայն եւ ապա շարունակելով իր մասնակցութիւնը վարչութեան մէջ։

Պելկահայ Ռատիոյէն Նունէ կը վարէ «Հոգեցոյց / Hogezuyz» հաղորդումը, որ նուիրուած է առօրեայ կեանքին մէջ հոգեբանութեան։

Անհանգստութեան, յոյզերու, յարաբերութիւններու, հոգեկան ցնցումներու, ինքնագնահատականի եւ երբեմն անգիտակցաբար կրկնուող վարքագիծերու մասին խօսելով՝ ան կը ձգտի հոգեբանութիւնը դարձնել մատչելի, մարդկային եւ գործնական՝ ունկնդիրներուն օգնելով աւելի լաւ հասկնալու իրենց ապրումները։

Անոր համոզումով՝ մեր ներաշխարհին մէջ պատահածը աւելի լաւ հասկնալը յաճախ փոփոխութեան եւ հաւասարակշռութեան առաջին քայլն է։