Առօրեայ կեանքի հոգեբանութեան նուիրուած յայտագիր մը՝ Նունէ Գարա Խանեանի ներկայացմամբ։
Ինչո՞ւ երբեմն նոյն ձեւով կը հակազդենք տարբեր իրավիճակներու։ Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի լաւ հասկնալ մեր զգացումները, վախերը, մարդկային յարաբերութիւնները կամ անցեալի այն ապրումները, որոնք կը շարունակեն ազդել մեր առօրեային վրայ։
«Հոգեցոյց / Hogezuyz» յայտագրին մէջ, կլինիկական հոգեբան եւ հիպնոթերափեւտ Նունէ Գարա Խանեան մատչելի եւ մարդկային մօտեցումով կ՚անդրադառնայ հոգեկան առողջութեան եւ առօրեայ կեանքի հոգեբանութեան առնչուող հարցերու։
Յայտագրի ընթացքին ան կը քննարկէ բազմազան նիւթեր, ինչպէս՝ անհանգստութիւն, զգացումներ, մարդկային յարաբերութիւններ, հոգեկան ցնցումներ, ինքնագնահատական, կրկնուող վարքագիծեր եւ անձնական ներքին ուժեր։
Յայտագրին նպատակը միայն հոգեբանական հասկացութիւններ բացատրելը չէ։ Ան առաջին հերթին կը հրաւիրէ ունկնդիրները աւելի լաւ ճանչնալու իրենց զգացումները, բառերով արտայայտելու իրենց ապրումները եւ հասկնալու այն ներքին մեխանիզմները, որոնք կրնան ազդել իրենց մտածելակերպին, զգացումներուն եւ վարքագիծին վրայ։
Իր երկարամեայ կլինիկական փորձառութեան շնորհիւ՝ Նունէ կը բաժնեկցի իր գիտելիքներն ու խորհրդածութիւնները՝ գործնական, մատչելի եւ իւրաքանչիւրին առօրեային մօտ մօտեցումով։
Որովհետեւ ինքնաճանաչումը կրնայ փոփոխութեան առաջին քայլը ըլլալ, «Հոգեցոյց / Hogezuyz» Belgahay Radio-ի եթերին մէջ կը ստեղծէ խորհրդածութեան, ունկնդրութեան եւ երկխօսութեան տարածք մը՝ մեր հոգեկան հաւասարակշռութեան եւ բարօրութեան շուրջ։
Հոգեցոյց / Hogezuyz – հասկնալ, բառերով արտայայտել, յառաջանալ։


