RADIO ARMÉNIENNE INDÉPENDANTE · BRUXELLES · MUSIQUE & CULTURE
● EN DIRECT DE BRUXELLES
Belgahay Radio
Chargement du titre en cours…
← Back to our people
Նաթալի Հոննէ Յետիքարտէշ
Our people · Belgahay Radio

Նաթալի Հոննէ Յետիքարտէշ

Copywriter

Պոլսոյ մէջ ծնած եւ հոգիով պրիւքսէլցի՝ Նաթալի իր ետին ձգած է մարդկային պաշարներու կառավարման ոլորտին մէջ տասնչորս տարուան ասպարէզ մը եւ բազմաթիւ ճամբորդութիւններով հարուստ կեանք մը՝ ընտրելով իրեն համար աւելի իմաստալից ուղի մը։

Այսօր, որպէս ուժանիւթային մարզիչ (energy coach), ան կ՚ուղեկցի ղեկավարներուն եւ կեանքի փոփոխութեան հանգրուաններ ապրող անձերուն՝ օգնելով անոնց ներդաշնակելու իրենց արդիւնաւէտութիւնը ներքին յստակութեան հետ։ Ան համոզուած է, որ ամենէն մնայուն որոշումները միշտ կը ծնին մեր ներաշխարհին մէջ։

Նաթալի նաեւ Պելկահայ ռատիոյի ֆրանսերէն լուրերու ձայնն է եւ «Les Murmures du Bien-être» փոտքասթի ստեղծողը։