Լիլիան խոստմնալից երիտասարդ տաղանդ մըն է՝ մեծ խանդավառութեամբ եւ հայկական մշակոյթի հանդէպ անկեղծ սիրով։
Փոքր տարիքէն հետաքրքրութեամբ ուսումնասիրած է հայկական աւանդական երգերն ու պարերը՝ միաժամանակ հետեւելով դաշնամուրի եւ պարի դասերու։
Բեմին վրայ Լիլիան կը փայլի կատարողական արուեստի զանազան բնագաւառներուն մէջ՝ երգ, ասմունք եւ թատրոն։ Անոր եռանդն ու գեղարուեստական զգայունութիւնը կը գրաւեն հանդիսատեսը։
Հետաքրքրասէր եւ երեւակայութեամբ հարուստ՝ Լիլիան կը հետաքրքրուի նաեւ աստղերով ու տիեզերքի առեղծուածներով։
Պելկահայ Ռատիոյէն ան իր երաժշտութեան ուսուցչուհի Սիւզաննայի հետ կը համավարէ Հայաստանն ու անոր մշակոյթը բացայայտող «Կանչ» հաղորդումը։

