HayVinyl – Բացայայտենք հայկական երաժշտութիւնը
Մոռցուած երաժշտական գանձերէն մինչեւ նոր յայտնութիւններ՝ ճամբորդեցէ՛ք հայկական երաժշտութեան աշխարհին մէջ։
Կ՚ուզէ՞ք թարմացնել ձեր երգացանկը, վերյիշել մոռցուած երգերը կամ բացայայտել երաժշտական նոր հորիզոններ։ HayVinylը ձեր առջեւ կը բանայ մեղեդիներով, պատմութիւններով եւ յոյզերով հարուստ աշխարհ մը։
Անահիտի եւ Լեւոնի ներկայացուցած Պելկահայ Ռատիոյի այս երաժշտական հաղորդումը կը միացնէ սերունդներն ու ոճերը՝ հայկական հին ու նոր երգերու ընտրանիով։
Իւրաքանչիւր հաղորդումի ընթացքին երկու հաղորդավարները կը գտնեն քիչ ծանօթ երաժշտական գոհարներ, կրկին ուշադրութեան կ՚արժանացնեն երբեմն մոռացութեան մատնուած երգերը եւ կը բաժնեկցին իրենց նորագոյն երաժշտական յայտնութիւնները։ Անեկդոտներ, մշակութային յղումներ եւ փոքր պատմութիւններ կ՚ամբողջացնեն այս երաժշտական ճամբորդութիւնը։
Յուշերուն եւ արդիականութեան միջեւ՝ HayVinylը կը տօնէ հայկական երաժշտական ժառանգութեան բազմազանութիւնն ու հարստութիւնը՝ միաժամանակ ներկայացնելով զայն նորոգող արուեստագէտներն ու հնչիւնները։
HayVinyl՝ հետաքրքրասէրներու, երաժշտասէրներու եւ հայկական երաժշտութիւնը սիրող բոլորին հանդիպման վայրը։
Ամէն շաբաթ՝ Պելկահայ Ռատիոյի եթերէն, Պելճիքայի հայկական ռատիոկայանէն։



