Երբ զրոյցը պարզ հարցազրոյցէ մը շատ աւելին կը դառնայ։
«Մարիշի հետ»ը Պելկահայ Ռատիօի փոտքասթն է՝ նուիրուած մարդկային հանդիպումներու, անձնական պատմութիւններու եւ անկեղծ զրոյցներու։
Իւրաքանչիւր հաղորդումի ընթացքին Մարիշ իր հիւրերը կ՚ընդունի ոչ թէ որպէս լրագրող, այլ որպէս բարեկամ։ Առանց նախօրօք պատրաստուած սենարիոյի, զտումի կամ ձեւականութեան՝ ան վստահութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, ուր ամէն ոք կրնայ ազատօրէն արտայայտուիլ։
Զրոյցներուն ընթացքին հիւրերը կը պատմեն իրենց կեանքի ուղիին, փորձառութիւններուն, զգացումներուն, դժուարութիւններուն եւ իրենց կեանքը նշանաւորած պահերուն մասին։
Ամէն զրոյց կը վերածուի մարդը բացայայտելու ճամբորդութեան մը՝ իր զգայնութեամբ, ուժով եւ անկեղծութեամբ։ Մեզի ծանօթ թուացող անձերը կը ներկայանան նոր լոյսի տակ, իսկ անծանօթները հետզհետէ հարազատ կը դառնան։
«Մարիշի հետ»ը բոլոր անոնց համար է, որոնք կը սիրեն խորունկ, ինքնաբուխ ու մարդկային ջերմութեամբ լեցուն զրոյցներ, այնպէս՝ կարծես իրենք ալ հիւրերուն հետ նոյն սեղանին շուրջ նստած ըլլան։
Հանգիստ տեղաւորուեցէ՛ք եւ միացէ՛ք Մարիշի զրոյցին՝ Պելկահայ Ռատիոյի եթերէն։


