2019-ին պելճիքահայ բարերար եւ գործարար Անդրէ Կիւմիւշճեանի կողմէ հիմնադրուած «My Forest Armenia» բնապահպանական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի անտառապատման ուղղութեամբ իր աշխատանքները։ Կազմակերպութիւնը 2026-ի աշնան ծառատունկի շրջանը աւարտած է՝ 151 հեկտար տարածքի վրայ տնկելով 328 503 ծառ։
Ծառատունկի աշխատանքները սկսած են հոկտեմբեր 10-ին եւ աւարտած՝ նոյեմբեր 6-ին։ Աշխատանքներուն միաժամանակ մասնակցած են մինչեւ 130 աշխատաւորներ։ Ձմրան կանուխ ժամանումը, ձիւնամրրիկներն ու ցած ջերմաստիճանները պատճառ դարձած են, որ այս տարուան ծառատունկի շրջանը սովորականէն աւելի կանուխ աւարտի։
Տնկուած ծառերուն շարքին են 120 000 կեչիներ, ինչպէս նաեւ կաղնիներ, վայրի տանձենիներ եւ խնձորենիներ։ Կազմակերպութիւնը կը նախընտրէ տեղական ծառատեսակներ՝ բազմազան եւ կլիմայական փոփոխութիւններուն դիմացկուն անտառներ ստեղծելու նպատակով։
Շարլ Ազնաւուրի անտառը՝ նպատակին կէսին
Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած անտառի ստեղծման ծրագիրը եւս կը շարունակուի։ Նախատեսուած 300 000 ծառերէն արդէն տնկուած է 148 000-ը։ Ծրագիրին նպատակն է ստեղծել 100 հեկտար տարածքով անտառ մը։
Շիրակի մարզի Ձորաշէն բնակավայրին մէջ եւս 125 հեկտար տարածքի վրայ նոր անտառ տնկուած է՝ Կանաչ կլիմայի հիմնադրամի ֆինանսաւորած ծրագրի շրջանակին մէջ։ Նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի իրարու միացնելու գոյութիւն ունեցող անտառային տարածքները եւ ամրապնդելու շրջանի կենսաբազմազանութիւնը։
Աշխատանքները շարունակուած են նաեւ Լեռնաջուրի մէջ՝ Հայաստանի դրամատուներուն ֆինանսաւորած 100 հեկտար անտառի ստեղծման ծրագրի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անտառներու վերականգնման եւ կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարի ծրագրի (FORACCA) շրջանակներուն մէջ։
Պելճիքահայ բարերարի մը նախաձեռնութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի
2019-ին պելճիքահայ բարերար եւ գործարար Անդրէ Կիւմիւշճեանի կողմէ հիմնադրուած «My Forest Armenia» կազմակերպութիւնը ծնունդ առած է այն համոզումէն, թէ ապագայ սերունդները պէտք չէ կրեն նախորդ սերունդներուն պատճառած բնապահպանական վնասներուն բեռը։
Անտառներու ստեղծման եւ կենսաբազմազանութեան պահպանման կողքին, կազմակերպութիւնը կը նպաստէ նաեւ Հայաստանի գիւղական շրջաններու ընկերային եւ տնտեսական զարգացման՝ աշխատանքի հնարաւորութիւններ ընձեռելով տեղական բնակչութեան։
Նախաձեռնութիւն մը, որ կը վկայէ պելճիքահայ համայնքի գործնական ներդրումին մասին՝ ի նպաստ Հայաստանի կայուն զարգացման եւ ապագային։
Կազմակերպութեան ծրագիրներուն ծանօթանալու եւ անոր աշխատանքներուն աջակցելու համար՝ https://myforestarmenia.org
Աղբիւր՝ https://myforestarmenia.org/news/fall_2026_planting_is_completed_328-503_trees_planted
