28 եւ 29 նոյեմբեր 2026-ին, Պօղոսեան հիմնադրամը Վիլլա Էմփէնի արուեստանոցներուն դռները պիտի բանայ հանրութեան առջեւ։ Իրենց վերջին ստեղծագործութիւնները ներկայացնող վեց արուեստագէտներուն շարքին է Հայաստանէն ժամանած Թոմա Այդինեանը։
Վիլլա Էմփէն կը հրաւիրէ հանրութիւնը բացայայտելու Հայաստանէն, Գերմանիայէն, Մեքսիկայէն, Պելճիքայէն, Սպանիայէն եւ Ճափոնէն ժամանած վեց արուեստագէտներու ստեղծագործական աշխարհը։
Արուեստագէտները Պրիւքսէլ կը գտնուին Պօղոսեան հիմնադրամի արուեստագէտներու միջազգային կեցութեան ծրագրին շրջանակին մէջ։
Հանդիպում արուեստագէտներուն հետ
Այս երկու օրերու ընթացքին այցելուները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Թոմա Այդինեանի, Sophia Kesting-ի, Ximena Maldonado Sánchez-ի, Sofhie Mavroudis-ի, Celia Rancelot-ի եւ Asahi Sugai-ի վերջին ստեղծագործութիւններուն։
Բացի ցուցադրուած գործերը դիտելէ, այցելուները պիտի կարենան անմիջական զրոյցներ ունենալ արուեստագէտներուն հետ, ծանօթանալ անոնց ստեղծագործական մօտեցումներուն եւ ներշնչման աղբիւրներուն։

Թոմա Այդինեանի մասնակցութիւնը նաեւ գեղեցիկ առիթ մըն է Պրիւքսէլի հանրութեան համար՝ ծանօթանալու Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտի մը աշխատանքներուն՝ միջազգային մշակութային եւ արուեստի փոխանակումներու մթնոլորտի մը մէջ։
Գործնական տեղեկութիւններ
- Թուական՝ շաբաթ 28 եւ կիրակի 29 նոյեմբեր 2026
- Ժամ՝ 14:00-էն մինչեւ 18:00
- Վայր՝ Վիլլա Էմփէն, Պրիւքսէլ
- Մուտքը ազատ է
Աղբիւր՝ Պօղոսեան հիմնադրամ – Վիլլա Էմփէն։
Belgahay Radio-ի խմբագրութիւն
