RADIO ARMÉNIENNE INDÉPENDANTE · BRUXELLES · MUSIQUE & CULTURE
● EN DIRECT DE BRUXELLES
Belgahay Radio
Chargement du titre en cours…
← Back to our people
Խաչիկ Յովհաննիսեան
Our people · Belgahay Radio

Խաչիկ Յովհաննիսեան

2017-ին Լուվէնի կաթողիկէ համալսարանէն ստացած եմ հետազօտական մագիստրոսի աստիճան՝ ներկայացնելով «Աստուծոյ զաւակներու կարգավիճակը եւ արդարացումը Վ. Փաննենպերկի մօտ. բանավէճեր Լութերի ընթերցման շուրջ» վերնագրով աւարտաճառ մը, փրոֆեսոր Օլիվիէ Ռիոտէլի ղեկավարութեամբ։ Այս աշխատանքը խորացուցած է բողոքական աստուածաբանութեան մասին գիտելիքներս, յատկապէս գերմանական աստուածաբանութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնս։

Ներկայիս կը պատրաստեմ դոկտորական ատենախօսութիւն մը՝ ուսումնասիրելով քրիստոնէական մարդաբանութիւնը եւ բարոյագիտութեան ու աստուածաբանութեան փոխյարաբերութիւնը Կերհարտ Էպելինկի (1912–2001) եւ Վոլֆհարթ Փաննենպերկի (1928–2014) աշխատութիւններուն մէջ։ Երկու աստուածաբաններն ալ լութերական աւանդութեան կը պատկանին, սակայն քրիստոնէական մարդաբանութեան տարբեր մօտեցումներ կ՚առաջարկեն։ Անոնք 1960-ին սկսած են բուռն եւ բացայայտ բանավէճ մը, որ նամակագրութեամբ շարունակուած է մինչեւ 1973։

Այդ քննարկման առանցքը բարոյագիտութեան եւ աստուածաբանութեան յարաբերութիւնն է։ Մասնաւորապէս կը փորձեմ ցոյց տալ, թէ անոր հիման վրայ քրիստոնէական մարդաբանութեան ի՛նչ պատկերացում կարելի է զարգացնել, քանի որ արդիւնքը տարբեր է՝ կախեալ անկէ, թէ մեկնակէտը բարոյականութի՞ւնն է (Sittlichkeit), թէ՞ Աստուծոյ իրականութիւնը (die Wirklichkeit Gottes)։

Ատենախօսութեան նախնական վերնագիրն է՝ «Քրիստոնէական մարդաբանութեան ի՞նչ տեսակ՝ Կ. Էպելինկի եւ Վ. Փաննենպերկի միջեւ բանավէճէն ելլելով» (ղեկավար՝ փրոֆեսոր Օլիվիէ Ռիոտէլ)։

Հետաքրքրութեան ոլորտներս են՝ յայտնութիւն, փրկաբանութիւն, մեկնաբանութիւն, քրիստոսաբանութիւն, վախճանաբանութիւն եւ Աստուծոյ Արքայութիւն, մարդաբանութիւն ու բարոյագիտութիւն։