Մեր ձայնը, մեր քուէն
Այս հաղորդաշարով պիտի քննարկենք Պելճիքայի յառաջիկայ ընտրութիւններուն գլխաւոր հարցերը՝ շեշտելով իւրաքանչիւր ձայնի եւ իւրաքանչիւր քուէի կարեւորութիւնը։ Միացէ՛ք մեզի՝ ծանօթանալու այն հարցերուն, որոնք կը ձեւաւորեն մեր քաղաքական ապագան։
Բոլոր թողարկումները կրնաք լսել Belgahay Radio-էն, փոտքասթի հարթակներէն, ինչպէս նաեւ դիտել YouTube-ի վրայ։ Հետեւեցէ՛ք հաղորդումին եւ մասնակցեցէ՛ք ամուր ու ներառական ժողովրդավարական ապագայի կերտումին։


