Crossroads – Խաչմերուկ
Հայաստան՝ Եւրոպայի, Արեւմուտքի եւ աշխարհաքաղաքական նոր հաւասարակշռութիւններու խաչմերուկին։
Crossroads – Խաչմերուկ-ը Belgahay Radio-ի պատրաստած փոտքասթի ինքնատիպ շարք մըն է՝ նուիրուած Հայաստանի, Եւրոպական Միութեան եւ արեւմտեան աշխարհի յարաբերութիւններուն։
Այս շրջանին, երբ Հայաստան կը վերաքննէ իր դիւանագիտական ուղղութիւնները, ռազմավարական գործընկերութիւններն ու ապագան, Խաչմերուկ-ը խորքային հայեացք մը կը նետէ շրջանը ձեւաւորող քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն վրայ։
Նիքոլա Տաւիթեանի վարումով շարքը խօսքի հարթակ կը տրամադրէ քաղաքական գործիչներու, դիւանագէտներու, հետազօտողներու եւ վերլուծաբաններու՝ Երեւանի եւ եւրոպական մեծ մայրաքաղաքներու մէջ։
Հարցազրոյցներու եւ վերլուծութիւններու ընդմէջէն հիւրերը կը քննարկեն դիւանագիտութեան, եւրոպական գործակցութեան, ինքնիշխանութեան, ապահովութեան եւ ինքնութեան հիմնահարցերը։
Crossroads – Խաչմերուկ-ը երկխօսութեան եւ խորհրդածութեան տարածք մը կը բանայ՝ աւելի լաւ հասկնալու համար Հայաստանի առջեւ ծառացող ընտրութիւնները, մարտահրաւէրներն ու հեռանկարները՝ փոփոխուող միջազգային միջավայրի մը մէջ։
Belgahay Radio-ի ինքնատիպ փոտքասթը՝ Հայաստանի ապագան ձեւաւորող մարդոց եւ գաղափարներուն հետ հանդիպումով։


